2015-01-04 10:52:05

Զէնքի միջազգային վաճառքի համաձայնագիր` Ափրիկէի եկեղեցիներու յաղթանակը։


(Ռատիօ Վատիկան) ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի-Մունի համար զէնքի միջազգային վաճառքի համաձայնագիրը հանդիսացաւ մեծ յաղթանակ մը ու պատմական մեծ քայլ մը։ 61 նոր պետութիւններ համաձայնագիրը վաւերացուցին։ Մինչեւ օրս անիկա ստորագրուած է 130 երկիրներէ։
Նոր վաւերաթուղթը կը փորձէ ներածել պատասխանատուութեան սկզբունքը զէնքի վաճառքին։ Այդ ուղղութեամբ Ափրիկէի եկեղեցիները մեծ դեր ունեցած են ու միշտ պայքարած ու արտայայտուած զէնքի ապօրէն վաճառքի դէմ։
Եկեղեցիները պետութիւններէն կը խնդրեն ներդրումներ կատարել առողջապահութեան, դպրոցի ու աշխատանքի կարելիութիւն ստեղծելու ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.